2013-04-13 09:06:24

Քաղաքացիական Պատերազմի 38-րդ Տարելիցին
Առիթով` Հաւաքական Աղօթք


երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազիզի հրապարակին վրայ, Նահատակաց յուշարձանին տակ Լիբանանը բաղկացնող 18 համայնքներու հոգեւոր ներկայացուցիչները մատուցեցին հաւաքական աղօթք մը եւ մերժեցին ներքին լիբանանեան սադրանքները, բռնարարքներու վերադարձը եւ շեշտեցին եղբայրասպան կռիւներուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդումին:
Աղօթքին աւարտին հոգեւորականները խորհրդանշական քայլով մը հրապարակէն անցնող ինքնաշարժներու վարորդներուն բաժնեցին սպիտակ վարդեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.